Parrhesia
Հարցաքնման փաստաթուղթերը (իսթինթաք/istintak) օսմանեան և հայոց պատմութեան վերաբերեալ շատ հազուագիւտ աղբիւրներ են։ Այս վարժանիստով պիտի կարդանք Սեւծովեան տարածաշրջանին պատկանող 19-րդ դարու հարցաքննութեան փաստաթուղթեր։ Պիտի քննարկենք փաստաթուղթերուն եզրաբանութիւնը կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ շնութեան, մարմնավաճառութեան, հոգեկան հիւանդութեան, գաւառներուն մէջ լքուած ու անապահով մնացած կիներու, ինչպէս նաեւ այր ու կին հարցաքննուողներու վկայութիւնները՝ հայկական վարչակազմի դատական գործալակերպի ծիրին մէջ։
Թալին Սուճեան օսմանեան և թրքական պատմութեան մասնագէտ է։ Ան կը շարունակէ իր հետազօտութիւնները Միւնիխի Լուտվիք-Մաքսիմիլիան համալսարանին մէջ: