Բարռեսիա Գոլէքթիվը կանանց միջազգային խմբակ մըն է՝ բաղկացած արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ քաղաքացիական գործիչներէ (աքթիվիստներէ), որոնք կը գործեն լուսանկարչութեան, պարարուեստի, ֆիլմարուեստի, ընկերաբանութեան, գրականութեան եւ պատմաբանութեան ոլորտներուն մէջ։ Գոլէքթիվը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ ընկերային ցանցերու միջոցով։
Բարռեսիա Գոլէքթիվը կը վայելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը։