Parrhesia
«Յասմիկեան Պտոյտներ»-ը Բարռեսիա գոլէքթիվին անդրանիկ շարադրական մրցանքն է՝ նուիրուած Յասմիկ Սուճեանի յիշատակին։ Մրցանքին նպատակն է քաջալերել աշակերտուհիներ գրական ոճով արտայայտուելու իրենց պտոյտներուն եւ ապրումներուն մասին:
Բարռեսիա գոլէքթիվը կոչ կ՚ուղղէ հայկական վարժարաններու բոլոր աշակերտուհիներուն գրի առնելու իրենց պտոյտները, ապրած քաղաքներու եւ թաղերու մէջ կամ զբօսաշրջութեան ընթացքին անցուցած յուշերը, իրենց տպաւորութիւնները, մտածումներն ու զգացումները, իրենց (չ)ստեղծած կապը այդ տեղերուն հետ՝ գրականօրէն մշակելով զանոնք եւ ուղարկելով մեզի։
Կ՚ընդունինք որեւէ գրութիւն, որ կը նկարագրէ ձեր առօրեայ եւ կամ բացառիկ որեւէ պտոյտ, ինչպէս՝ Հայաստան, շաբաթավերջին կղզի կամ գիւղ, գաւառը ապրող ընտանիքի, ծանօթներու այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքի կամ թաղի առօրեայ ապրումներ: Կը կարեւորենք անձնական փորձառութիւնները ու կը փափաքինք տեսանելի դարձնել երիտասարդ հայ կիներու ներաշխարհը։
Այս կոչը բաց է բոլոր հայկական վարժարաններու 15-19 տարեկան աշակերտուհիներուն:
Գրութիւնները պէտք է ըլլան արեւմտահայերէնով եւ 500 բառերու սահմաններու մէջ։
Ստացուած գրութիւններէն պիտի ընտրուին 3 լաւագոյնները, որոնց հեղինակները պիտի ստանան 150 Եւրօ:
Ձեր գրութիւնները կրնաք ղրկել parrhesiameetings@gmail.com ենամակի հասցէին (նշելով ձեր անունը, տարիքը, քաղաքը եւ դպրոցը) մինչեւ 1 նոյեմբեր 2023:
Արդիւնքները պիտի յայտարարենք 1 Դեկտեմբեր 2023-ին մեր կայքին վրայ՝ www.parrhesiacollective.com