Parrhesia
Աշխատանոցը կը միտի այբուբենի ուսուցումը պարի եւ շարժուձեւերու միջոցով կատարել, որ կ՚օգնէ զարգացնելու աշակերտին շարժելու հմտութիւնը, ֆիզիքական եւ մտային առողջութիւնը, ստեղծագործական միտքը, մարմնի ինքնագիտակցութիւնը, երեւակայութեան թափը եւ արտայայտութեան կարողութիւնը։
Վարժանիստը պատրաստած է Լեռնա Պապիկեանը 2017-ին. առաջին անգամ ներկայացուցած է Պերլինի մէջ եւ ապա՝ Պոլսոյ մէջ, այլազան խումբերու հետ, զանազան ընկերութիւններու եւ պարի կեդրոններու մէջ։ Վարժանիստը յարմար է տարբեր լեզուներու ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու՝ որեւէ դասարանի եւ տարիքի։
Թուականներ.-
30.03.2022 (Գալֆաեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներու հետ)
18.04.2022 (Կեդրոնական վարժարանի աշակերտութեան հետ)
31.04.2022 (Էսաեան վարժարան, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարան, Գարակէօզեան վարժարան եւ Արամեան-Ունճեան վարժարան)