Parrhesia
Parrhesia Collective-ի 6-րդ առցանց զրոյցին, ակադեմիկոս Նազլի Թեմիր Պէյլէրեանը խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ հայերու հաւաքական յիշողութեան մասին։ Նազլի Թեմիր Պէյլէրեանը բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պանդէոն Սորպոն Բարիզ 1ի մէջ եւ 2016 թուականին EHESS-ի մէջ ստացած՝ընկերաբանական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան՝ «Հաւաքական յիշողությունն ընդդէմ մոռացութեան քաղաքականութեան. Թուրքիոյ հայերը երեք սերունդ» վերնագրով աւարտաճառով: 2017 թուականէն սկսեալ INALCO-ի մէջ դասախօսութիւններ կը կատարէ ժամանակակից թուրքահայերու ընկերաբանական պատմութեան վերաբերեալ։ Նազլի Թեմիր Պէյլէրեանի հետ զրոյց մը կատարեցինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, թէ հաւաքական յիշողութիւնը, յիշողութեան ոչնչացումը, գիտութեան ու առարկայութեան պնդումները, ինչպէս մարդը կ՚անջատեն պատմութեէնէն եւ յիշողութեէնէն։ Պէյլէրեանը բացատրած է, որ 1923 թուականէն յետոյ իրականացած քաղաքականութիւնը, յատկապէս հայկական հաստատութիւններուն թիրախ դառնալը, անհնարին դարձուց հայ համայնքի գործունէութիւնը և ասիկա յատկապէս գաւառներու մէջ մնացող հայերու համար՝ թաքնուած, իսլամացուած և օտարացած կեանք մը կը նշանակէ։