Այս տարի, Տեառնընդառաջը կը նշենք 14 փետրուարին, իսկ Ս. Սարգիսի տօնը՝ 15 փետրուարին։ Չեմ գիտեր եթէ այս երկուքը 14 փետրուարին նշուող սիրահարներու տօնին առնչուած են, բայց հայերուն համար անոնք կապուած են յոյսի, բեղմնաւորման, ամուսնութեան եւ մաքրագործման, ինչպէս նաեւ՝ հողի եւ բերքի հետ։
Իր ինքնակենսագրութեան մէջ, Սարեան կը նշէ, որ շուները Պոլսոյ փողոցներուն անքակտելի մասնիկներն էին եւ թէ մարդիկ հանդարտօրէն կ՚անցնէին շուներու անշարժ կղզիներու միջով։ Ան Պոլսոյ շուները կը նկարագրէ որպէս այդ ատենուայ քաղաքին ձեւաբանութեան (մորֆոլոգիայի) անբաժանելի մասնիկ։
Համիտի ջարդերէն ետք, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 1915-էն ետք, որբանոցներու թիւին աճով, հայ կիներ եւ որբեր առաւելաբար զբաղած էին գորգագործութեամբ, միսիոնարներու կողմէ հիմնուած աշխատավայրերու մէջ։ Գորգագործութիւնը արհեստ մըն էր, որ կարգ մը որբ աղջիկներ սորված էին իրենց ընտանիքներէն։ Արհեստը իրենց ընծայած էր միասնութեան տարածք մը՝ բռնապետութեան հետեւանքով ամէն բան կորսնցնելէ ետք։ Փոխարէնը, ամերիկեան եւ եւրոպական միսիոնարութիւններու կողմէ անոնք շահագործուած էին որպէս աժան աշխատաձեռքեր։
Թլկատինցի, բուն անունով Յովհաննէս Յարութիւնեան, ծնած է 1860 թուականին, Խարբերդի հարաւը գտնուող Թլկատին գիւղը, որ ներկայիս Գույուլու վերանուանուած է։ Թլկատինցի առաւելաբար ծանօթ է իր յօդուածագրութեամբ, ճանապարհորդագրութեամբ, թատրերգութեամբ եւ կարճ պատմուածքներով։