Մինչ 19 յունուարը կը մօտենայ, «Գոյներով շնչել» ծրագիրի մասնակցած երեխաները Սեպաթ շէնքին մէջ իրենց անցուցած աշխատանոցով պիտի յիշեն Սարգիսին ստեղծագործութիւնները, որոնք հանդիսատեսին խոր իմաստ կը փոխանցեն, նոյնիսկ տարիներ անց։ «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ը իր դռները բացած էր 2019 թուականին, Ակօսի նախկին խմբագրատան տեղ, Սեպաթ շէնքին մէջ։ Յիշողութիւնն ու կառոյցին խորհրդանշական յատկանիշը ի միտի ունենալով դասաւորուած ներսը այցելուներուն իւրայատուկ յուզական եւ փորձառական ճանապարհորդութեամբ մը կը պարուրէ՝ իր նիւթերուն իրապաշտական հիւսուածքով։
Հատորին մէջ նախ կը հանդիպինք Անդրանիկ Կ. Ճեվահիրճեանին, բնիկ Սվազցի։ Ճեվահիրճեան, որ Ապտուլլահ եղբայրքին աշկերտը եղած է Պոլսոյ մէջ, Անքարայի առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը հիմնած է 1889 կամ 1890-ին. իր լուսանկարչական ոսպնեակին կը պատկանին պաշտօնական շէնքերու հիմնարկէքի հանդիսութիւններու, պաշտօնակալութիւններու եւ պաշտօնական տօնակատարութիւններու նման ձեռնարկներ։ Տիլտիլեան եղբայրներէն Ցոլակը Ճեվահիրճեանի ձեռքին տակ սորված է եւ կ՚ենթադրուի, թէ Ճեվահիրճեան արուեստանոց մը ունէր Սվազի մէջ՝ նախքան Անքարա բանալը, եւ թէ Ցոլակ անկէ սորված է այս արուեստը։
Իսկ բարռեսիասթէսը, որ կը նշանակէ ճշմարտութիւնը պատմող, կը գործածուի այն անձին համար, որ սրտբացօրէն կը խօսի։ Թէեւ ասիկա երբեմն վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, բայց յստակօրէն քաջութիւն պահանջող քայլ մըն է։ Նշած վտանգս անպայման կեանք կորսնցնելու իմաստով չեմ ըսեր, երբեմն ճշմարտախօսութիւնը կրնայ դիմացինը վշտացնել եւ անձին համբաւը կրնայ կորսուիլ։