Հեղինակներ
Dença Değirmenci

Dença Değirmenci

Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան սեղանին շուրջ

Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան սեղանին շուրջ

Dec 31, 2024

Հայկական մշակոյթին մէջ, Ս. Ծնունդը, պատմական եւ կրօնական արժէքներու կողքին, աւանդական եւ ընկերային արժէքները կենդանի պահող տօն է։ Միջագետքի երկիրներուն մէջ այս աւանդութիւնները սերունդէ-սերունդ տարբեր ձեւերով փոխանցուած են։ Մինչ Պոլսոյ հայկական տուներու մէջ կրնանք տարածաշրջանային աւանդութիւններ տեսնել, որոշ աւանդութիւններ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած են։

Միասին հզօրանալով. Հայ կանանց միասնութիւն

Միասին հզօրանալով. Հայ կանանց միասնութիւն

Jul 11, 2024

Մեզի քով-քովի բերող հաւաքին հիմնական մեկնակէտը եւ հասարակ յայտարարը մեր բոլորին հայ կին ըլլալն էր։ Թէեւ իւրաքանչիւրս մտածած, արծարծած եւ նոյնիսկ առիթներ գտած ենք որպէս կին քայլեր առնելու ընկերութեան մէջ մեր դիմագրաւած հարցերուն նկատմամբ, հասկցանք, որ մենք՝ որպէս կիներ, խորապէս կը զգանք մեր խնդիրները սեղանի վրայ դնելու եւ լուծումներ գտնելու տարածքին բացակայութիւնը։