«Ուասաֆիրի»-ի այս թիւը տուեալ նիւթին կու տայ կեդրոնական տեղ։ Թամար Մարի Պոյաճեանի եւ Հրաչ Մարտիրոսեանի «Երկու հայերու երկու հայերէնով զրոյցը» (Two Armenians Conversing in Two Armenians), Մարալ Աքթոքմաքեանի անգլերէն թարգմանութեամբ, ակներեւ էր այս առումով։ Զրոյցին սկիզբի խմբագրական ակնարկը դիտել կու տայ հայերէն լեզուին երկու տարբերակներ ունենալը՝ զիրար հասկնալու չափ մօտ, բայց այլաւորում ստեղծելու չափ հեռու։ Այս զրոյցին ընթացքին, Պոյաճեանն ու Մարտիրոսեանը, իւրաքանչիւրը իր հայերէնով, լեզուին եւ անոր գրականութեան ժառանգութեան հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյ ճամբով ընդհանուր գիծեր կը գտնեն։
Հայերու Սուրիոյ մէջ ներկայութեան մասին մեզի հասած առաջին գրաւոր վկայութիւնը 14-րդ դարու կը պատկանի, իսկ 1500 թուականին արդէն իսկ Ս. Քառասնից Մանկանց շրջափակին մէջ կը կառուցուի «Դարպաս թագաւորականը»՝ առաջնորդարանը։ 1616 թուականին Սիմէոն Լեհացի, Հալէպ իր այցելութեան ընթացքին, կը պատմէ այս առաջնորդարանին, ինչպէս նաեւ՝ հայ գաղութին մասին, առաւելաբար յիշատակելով հայ վաճարականները։
Շաբաթներ առաջ, երբ Իսրայէլի բանակը «Իքս» հարթակէն յայտարարած էր հարաւի ժողովուրդին թողնել իրենց տուները եւ «փոխադրուիլ աւելի ապահով վայրեր», ու առ այդ մեծ թիւով գաղթականներ հասած էին մեր շրջանները, Պուրճ Համուտի մէջ հագուստի վաճառական բարեկամս՝ Զաւէնը, պատմեց՝ «Երեք կիներ եկան խանութս, շուրջ 50-60 տարեկան, սեւ հագած, լաչակաւոր, հարցուցին եթէ աշխատողի պէտք ունիմ, գործ կը փնտռեն։ Սիրտս կտոր-կտոր եղաւ։ Ես արդէն գործ չունիմ, իրենց չկարողացայ բան մը ըսել», իսկ շատ չանցած, կին մը տանս դիմաց զիս կանգնեցուց հարցնելու՝ «Վարձու տուն գիտե՞ս»։
Ծնած ու մեծցած ըլլալով Պէյրութ, գոյութենական պայքար մը կը մղէի (թերեւս ալ տակաւին կը մղեմ, ո՞վ գիտէ) ինքնութիւնս պատած բազմաթիւ շերտերու հետ՝ առաւելաբար Պուրճ Համուտի կեանքիս հետ։ Քիւրքճեան 1968-ին արդէն մանրամասնօրէն անդրադարձած է սփիւռքահայու այս տագնապին մասին՝ «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» իր կոթողական յօդուածին մէջ։
2023-ը լաւ տարի մը չեղաւ հայերուս համար՝ ցնցուեցանք Թուրքիոյ հարաւին ու Սուրիոյ հիւսիսի երկրաշարժներով,– հողատարածք մը, որ դարեր շարունակ թրծուած եղած է հայու քրտինքով, եւ արմատախիլ եղանք մեր Արցախի պատմական հողերէն։
Յատկանշական է սակայն, Պուրճ Համուտի մէջ հայկական որեւէ մշակութային արտադրութիւն մէջտեղ գալու կողքին, Պուրճ Համուտին՝ ինքնին արտադրութիւն ըլլալը։ Արա Մածունեան «Թռչնոց Բոյն» խորագիրով իր լուսանկարչական փորձագրութեան մասին խօսելով, Ազդակ օրաթերթին (2017) տուած հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէ՝ «Կայ Պուրճ Համուտը մեր հաւաքական երեւակայութեան մէջ եւ Պուրճ Համուտը մեր անհատական տպաւորութիւններուն մէջ: